ՈՒկրաինայի հետ Թուրքիայի ռազմատեխնիկական համագործակցությունը տարակուսելի է՝ Hurriyet թերթին տված հարցազրույցում հայտարարել է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգեյ Լավրովը. «Թուրքական զենքն օգտագործվում է ՈՒկրաինայի զինված ուժերի կողմից ռուս զինվորականների և խաղաղ բնակիչների սպանության համար։ Սա չի կարող տարակուսանք չառաջացնել թուրքական ղեկավարության կողմից միջնորդական ծառայություններ մատուցելու պատրաստակամության մասին հայտարարությունների ֆոնին»,- շեշտել է Լավրովը։               
 

«Մենք Աս­տու­ծոյ փառք կու տանք, որ հայ­րե­նի­քը կը մնայ հայ­րե­նիք եւ մեր մնա­յուն հաս­ցէն»

«Մենք Աս­տու­ծոյ փառք կու տանք, որ հայ­րե­նի­քը կը մնայ հայ­րե­նիք եւ մեր մնա­յուն հաս­ցէն»
18.09.2020 | 01:09

«Ի­րա­տե­սի» հյու­րը Աստ­վա­ծա­բա­նու­թյան մա­գիստ­րոս, Բեյ­րու­թի Հայ­կա­զյան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ, վե­րա­պատ­վե­լի դոկ­տոր ՓՈԼ ՀԱՅ­ՏՈՍ­ԹԵԱՆՆ է:

- Վե­րա­պա­տուե­լի Հայ­տոս­թեան, Բեյ­րու­թում օ­գոս­տո­սի 4-ին տե­ղի ու­նե­ցած հզոր պայ­թյու­նից մե­ծա­պես տու­ժել էր Հայ­կա­զյան հա­մալ­սա­րա­նի շեն­քը: Ան­շուշտ, հա­մալ­սա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թյան առջև ծա­ռա­ցած էր ա­ղե­տի հետևանք­նե­րը հաղ­թա­հա­րե­լու բարդ խն­դի­րը: Ի՞նչ քայ­լեր են ար­վել և ար­վում այս ուղ­ղու­թյամբ:

- Օ­գոս­տոս 4-էն շատ ա­ռաջ ար­դէն ծանր վի­ճակ կար Լի­բա­նա­նի մէջ. քա­ղա­քա­կան, ժո­ղովր­դա­յին շար­ժում­ներ, տն­տե­սա­կան, դրա­մատ­նա­յին տագ­նապ, եւ ար­դէն իսկ կա­ցու­թիւ­նը բա­ւա­կան ծանր էր: Ա­նոնց կող­քին նաեւ Covid-19-ի բար­դու­թիւն­նե­րը... Եւ յան­կարծ Օ­գոս­տոս 4-ի այդ պայ­թու­մին իբր հե­տե­ւանք ցն­ցուե­ցաւ ոչ միայն Պէյ­րութ քա­ղա­քը, այ­լեւ Պէյ­րու­թի լայն շր­ջա­կայ­քը: Ցն­ցուե­ցան նաեւ շէն­քե­րը Հայ­կա­զեան Հա­մալ­սա­րա­նին, ո­րոնք կը գտ­նուին մօտ 2,4 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ Պէյ­րու­թի նա­ւա­հան­գիս­տէն: Հա­մալ­սա­րա­նին եօթ մաս­նա­շէն­քե­րը տար­բեր կեր­պե­րով եւ չա­փե­րով տու­ժե­ցին: Մեր վնաս­նե­րը ե­ղան այն պատ­ճա­ռով, որ շէն­քե­րը տար­բեր տե­ղեր տա­րա­ծուած են եւ ա­մէն մէկ շէն­քի յար­կի վրայ ե­ղան տար­բեր տե­սա­կի վնաս­ներ: Հիմ­նա­կան վնաս­ներն էին փայ­տէ դռ­նե­րը, պա­տու­հան­նե­րը, ա­պա­կի­նե­րը, ա­լիւ­մի­նիւ­մի սար­քա­ւո­րում­նե­րը, կարգ մը լոյ­սե­րու սար­քա­ւո­րում­նե­րը, տար­րա­լու­ծա­րա­նին մէջ ե­ղան մանր մունր վնաս­ներ... Ե­ղան այս­տե­սա­կի վնաս­ներ, ո­րոնք նախ­նա­կան հա­շի­ւով շուրջ 150000 տո­լա­րի գու­մա­րի կա­րիք մը կը յա­ռա­ջաց­նեն: Ա­սի­կա, բնա­կա­նա­բար, վնաս է, պէտք է նո­րո­գուին այդ բո­լո­րը, սա­կայն բաղ­դա­տած ամ­բողջ քա­ղա­քի եւ մօ­տա­կայ շր­ջան­նե­րու վնաս­նե­րուն՝ ի­րա­պէս երկ­րոր­դա­կան պի­տի սե­պուի մե­րը, մա­նա­ւանդ որ ու­րիշ­ներ շէն­քեր կոր­սն­ցու­ցին, կեան­քեր կոր­սուե­ցան: Գա­լով Հայ­կա­զեա­նի ֆի­զի­քա­կան, մարդ­կա­յին վնաս­նե­րուն, փառք Աս­տու­ծոյ մահ չպա­տա­հե­ցաւ, սա­կայն ու­սա­նող­նե­րու մէջ ու­նե­ցանք վի­րա­ւոր­ներ, ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րը վի­րա­ւո­րուե­ցան, մեր աշ­խա­տա­կազ­մի ան­դամ­նե­րու տու­ներ վնա­սուե­ցան, վի­րա­ւոր ե­ղաւ, ա­նոնց զա­ւակ­նե­րէն կամ ըն­տա­նիք­նե­րէն տու­ժող­ներ ե­ղան, վի­րա­ւո­րեալ­ներ, ո­րոնց մեծ մա­սը ա­պա­քի­նած է եւ վե­րա­դար­ձած աշ­խա­տան­քի: Մի­քա­նին կան, ո­րոնք տա­կա­ւին բժշ­կա­կան հո­գա­տա­րու­թեան տակ են:

- Որ­քա­նո՞վ են հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­կան­գն­ման և վե­րա­մու­տի աշ­խա­տանք­նե­րում ընդ­գրկված ու­սա­նող­նե­րը:

- Ես պի­տի չմոռ­նամ բնաւ պայ­թու­մին յա­ջոր­դող ա­ռա­ջին ժա­մե­րը: Պայ­թում­նին պա­հուն եւ ըն­թաց­քին, հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, մեր ըն­տա­նի­քը՝ մենք, հիւ­րեր կ'ըն­դու­նէինք հա­մալ­սա­րա­նի մէկ շէն­քին վրայ, պար­տէ­զին մօտ: Այդ պա­հուն հա­մալ­սա­րան կը գտ­նուէին մէկ եր­կու դա­սա­խօս, մի քա­նի աշ­խա­տա­կից, ա­պա­հո­վու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ եւ հան­րա­կա­ցա­րա­նին մէջ մօտ տասն ու­սա­նող: Ա­ռա­ջին այդ մէկ ժա­մուն ըն­թաց­քին մենք ջա­նա­ցինք նա­յիլ, թէ ինչ պա­տա­հած է. ցնց­ման մէջ կը դի­տէինք թէ Հայ­կա­զեա­նի մէջ եւ շուր­ջը, բո­լոր փո­ղոց­նե­րը ձիւ­նի նման ա­պա­կիով լե­ցուն էին, կոտ­րած փայ­տեր, պատշ­գամ­նե­րէն եւ տու­նե­րէն փո­ղոց ին­կած նիւ­թեր, մինչ մեր կից հի­ւան­դա­նո­ցը կը խու­ժէին մեծ թի­ւով վի­րա­ւոր­ներ: Չորս ժա­մու ըն­թաց­քին 300 վի­րա­ւոր­ներ բե­րուե­ցան Հայ­կա­զեա­նի կող­քի փոքր հի­ւան­դա­նո­ցը, ո­րուն շտապ օգ­նու­թեան սե­նեա­կը հա­զիւ 2-3 հո­գիի տա­րո­ղու­թիւն ու­նէր: ՈՒ­րեմն հի­ւան­դա­նո­ցին պար­տէ­զին մէջ եւ թա­ղին վրայ ջա­նա­ցին մար­դիկ բու­ժել ա­րիւն­լուայ վի­րա­ւոր­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­ւե­լի մեծ հի­ւան­դա­նոց­նե­րը, կամ հա­մալ­սա­րան­նե­րու հի­ւան­դա­նոց­նե­րը տեղ չու­նէին, կամ ա­նոնց­մէ չոր­սը ար­դէն վնա­սուած էին եւ չէին կր­նար օգ­տա­կար դառ­նալ: Ան­մի­ջա­պէս այդ մէկ ժա­մէն ետ­քը, մին­չեւ ժա­մը 11 ու կէս, մենք եւ հան­րա­կա­ցա­րա­նէն 3-4 տղաք մի քա­նի ժամ ան­ցու­ցինք մաք­րե­լով, որ­պէս­զի անցք ու­նե­նանք, մարդ ան­խա­փան ու ա­պա­հով անց­նի մէկ շէն­քէն միւ­սը եւ ա­պա­կիի վրայ չկոխ­կր­տէ: Երկ­րորդ բա­նը որ ը­րինք՝ մեր ա­մէ­նէն խո­շոր շէն­քին՝ Մե­խա­կեա­նին, որ դա­սա­րան­նե­րու, լսա­րան­նե­րու շէնք է, ա­նոր ա­պա­կի­նե­րուն մէկ մա­սը կոտ­րած էր, ո­մանք դուրս ցցուած էին եւ վտանգ կար որ իյ­նան ան­ցորդ­նե­րու վրայ: Մին­չեւ գի­շե­րուան ժա­մը մէ­կու­կէ­սը ջա­նա­ցինք մեր ու­սա­նող­նե­րով կոտ­րել կի­սատ կոտ­րած ա­պա­կի­նե­րը, որ­պէս­զի ա­պա­հո­վենք մեր ան­մի­ջա­կան շր­ջա­պա­տը: Յա­ջորդ օ­րե­րուն մեր աշ­խա­տա­կազմն ու պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը մաք­րա­գոր­ծու­մը կա­տա­րե­ցին եւ ե­րեք օ­րուան մէջ ար­դէն ըն­դու­նե­լի վի­ճա­կի մէջ դրուած էին հա­մալ­սա­րա­նին շէն­քե­րը: ՈՒ­սա­նող­նե­րուն գա­լով, մեր ու­սա­նող­նե­րը՝ ոչ թէ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ այլ ա­ղէ­տեալ գօ­տիին մէջ, ար­դէն ա­ռա­ջին ութ օ­րե­րուն 5-10 հո­գի­նոց խում­բե­րով գա­ցին եւ գոր­ծիք­նե­րով մաք­րու­թիւն կա­տա­րե­ցին օ­տար­նե­րու տու­նե­րը, խա­նութ­նե­րը, փո­ղոց­նե­րը, ա­ղէ­տեալ գօ­տիի ան­ծա­նօթ շէն­քե­րը մտան եւ եր­կար օ­րեր մաք­րու­թեան ժա­մա­նակ տուին օ­տար ա­ղէ­տեալ­նե­րուն: Իսկ ա­ւե­լի ետք, ան­կէ չորս շա­բաթ ետք, Հայ­կա­զեա­նի 65-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, կէ­սօ­րուան ճաշ մա­տա­կա­րա­րե­ցին ա­ռան­ձին մնա­ցած­նե­րու տա­նը:

- Ա­ղե­տի ֆի­զի­կա­կան հետևանք­նե­րի հաղ­թա­հա­րու­մը կարևոր է, սա­կայն ոչ պա­կաս հար­ված է հասց­վել, կար­ծում եմ, մարդ­կանց հո­գե­բա­նու­թյա­նը: Ի՞նչ տրա­մադ­րու­թյուն է այ­սօր տի­րում Հայ­կա­զյա­նում և առ­հա­սա­րակ ա­ղե­տից զգա­լիո­րեն տու­ժած հայ­կա­կան Բուրջ Հա­մուտ թա­ղա­մա­սում:

- Ճիշտ է, որ ֆի­զի­քա­կան վնաս­նե­րը ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի պատ­կեր մը կը ներ­կա­յաց­նեն, կը թուի մե­զի, որ Լի­բա­նա­նի մէջ, Մեծն Պէյ­րու­թի ծի­րին մէջ, մօտ մէկ մի­լիոն մարդ, հո­գե­կան-հո­գե­բա­նա­կան ծանր կա­ցու­թեան մէջ ապ­րե­ցաւ եւ մեծ մա­սը կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ: Ժո­ղո­վուր­դը ա­ւե­լի զգա­ցա­կան է, վա­խի մէջ է, ան­համ­բեր է, զգուշ է եւ ա­սի­կա եր­կար ժա­մա­նակ պի­տի տե­ւէ: Հայ­կա­զեան Հա­մալ­սա­րա­նի հո­գե­բա­նը ան­մի­ջա­պէս մղուե­ցաւ զու­մով, հե­ռա­ձայ­նով, առ­ցանց կեր­պով մեր աշ­խա­տա­կազ­մին հո­գե­բա­նա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց: Նաեւ ու­սա­նո­ղա­կան խմ­բա­կի մը օգ­նու­թիւն տուինք հո­գե­բա­նա­կան ա­ռու­մով, ո­րով­հե­տեւ կա­րի­քը ու­նէին: Եւ սա­կայն մինչ մենք նոր կր­թաշր­ջան մը կը սկ­սինք ար­դէն շատ լաւ ծա­նօթ ենք, որ ժո­ղո­վուր­դը՝ թէ՛ ծնող­ներ եւ թէ՛ ու­սա­նող­ներ, ե՛ւ պաշ­տօ­նեա­ներ ու դա­սա­խօս­ներ՝ բո­լորն ալ, տա­կա­ւին այդ ցն­ցու­մին հե­տե­ւանք­նե­րը կ'ապ­րին: Ա­սի­կա պի­տի ու­նե­նայ իր հե­տե­ւան­քը, իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը նաեւ ու­սում­նա­ռու­թեան վրայ: Երբ տեղ մը վա­խե­րը կը կու­տա­կուին եւ հե­տե­ւանք­ներ կ'ու­նե­նան: Զո­րօ­րի­նակ ո­մանք կր­նան տե­ղէ­տեղ փո­խադ­րուե­լու վախ ու­նե­նալ, ու­րիշ­ներ՝ ոչ: Նոյ­նիսկ նիւ­թա­կան-ֆի­նան­սա­կան կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցո­ղը կր­նայ հան­գիստ չզ­գալ վճա­րե­լու ու­սում­նա­կան ծախ­սե­րը, ո­րով­հե­տեւ չի գի­տեր թէ վա­ղը ինչ պի­տի բե­րէ: Կամ նոր քայ­լեր ը­նող­նե­րը՝ նոր աշ­խա­տան­քի մտ­նել, նոր դպ­րոց սկ­սիլ, նոր հա­մալ­սա­րան սկ­սիլ... Այս բո­լո­րը վա­խի մէջ ձգե­ցին մար­դի­կը եւ ա­սոր հո­գե­բա­նա­կան-զգա­ցա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը իբ­րեւ տուժ մենք եր­կար ժա­մա­նակ պի­տի ու­նե­նանք եւ կրենք: Բայց մեր մօ­տե­ցու­մը իբ­րեւ հա­մալ­սա­րան, միշտ կ'ըլ­լայ դրա­կան եւ քա­ջա­լե­րա­կան. մենք պա­տե­րազմ տե­սած ժո­ղո­վուրդ ենք. Հայ­կա­զեան Հա­մալ­սա­րա­նի շէն­քե­րը գո­նէ ե­րեք ե­թէ ոչ չորս ան­գամ ծանր վնաս­նե­րու են­թար­կուած են, շատ ա­ւե­լի մեծ վնաս­նե­րո, քան ներ­կա­յի վնա­սը, տար­բեր պայ­թում­նե­րու, պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով: Սա­կայն, ա­մէն ինչ կը վե­րա­կանգ­նի եւ մեր հիմ­նա­կան շեշ­տը կը մնայ մար­դոց մտա­ւո­րա­կան, հո­գե­ւոր, հո­գե­բա­նա­կան, զգա­ցա­կան ի­մաստ­նե­րով նե­ցուկ կանգ­նի­լը ինչ որ Հայ­կա­զեա­նի կո­չու­մին մէկ մասն է ար­դէն:

-Հա­յաս­տա­նից ստաց­ված ա­ջակ­ցու­թյու­նը ի՞նչ նշա­նա­կու­թյուն ու­նե­ցավ լի­բա­նա­նա­հա­յու­թյան և մաս­նա­վո­րա­պես Հայ­կա­զյան հա­մալ­սա­րա­նի հա­մար:

-Ամ­բողջ աշ­խար­հը, նե­րա­ռեալ Սփիւռ­քի հա­յու­թիւ­նը իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց, նաեւ ո­րոշ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն­ներ ցու­ցա­բե­րուե­ցան. հա­մաշ­խար­հա­յին ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­ներ, ան­հատ­ներ, տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ բե­րին ի­րենց օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը Լի­բա­նա­նին: Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւ­նը կազ­մեց Լի­բա­նա­նի հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի յա­տուկ յանձ­նա­խումբ մը, ուր նա­խա­պա­տուու­թիւ­նը կը տրուի տու­ժած բնա­կա­րան­նե­րու դուռ պա­տու­հա­նի շի­նու­թեան խն­դիր­նե­րուն, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան խն­դիր­նե­րուն, աշ­խա­տան­քի վայ­րե­րու (խա­նութ­ներ եւն) վե­րա­շի­նու­թեան: Կան նաեւ տու­ժած ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ դպ­րոց­ներ, ո­րոնց օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը կը հաս­նի եւ պի­տի հաս­նի: Հայ­կա­զեան Հա­մալ­սա­րա­նին չվե­րա­բե­րե­ցան այս օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ Հայ­կա­զեա­նը չդի­մեց ա­նոնց, քա­նի որ ժո­ղո­վուր­դը ա­ւե­լի կա­րիքն ու­նի: Հայ­կա­զեա­նը ըլ­լա­լով հա­մալ­սա­րան, ու­նի իր շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը, իր խնա­մա­կալ մար­մի­նը, Ա­ւե­տա­րան­չա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնք ջա­նա­ցին ի­րենց նե­ցու­կը ցոյց տալ հա­մալ­սա­րա­նին: ՈՒ­րեմն, լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան ստա­ցած այդ օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կ'ուղ­ղուին ըն­տա­նիք­նե­րուն, տու­ժած ըն­տա­նիք­նե­րուն: Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը շօ­շա­փե­լի եւ ազ­գա­յին ա­ռու­մով շատ բա­րո­յա­կան քա­ջա­լե­րանք մը ե­ղաւ ե՛ւ նիւ­թա­կան ե՛ւ բա­րո­յա­կան ի­մաստ­նե­րով: Բայց ա­նոնց շեշ­տը ե­ղաւ - մէկ մա­սը - ու­տես­տե­ղէ­նի՝ կա­րօ­տեալ ըն­տա­նիք­նե­րու, եւ միւս մա­սը՝ լի­բա­նա­նա­հայ 17-18 վար­ժա­րան­նե­րուն պիւտ­ճէ­նե­րուն: Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի կող­մէ մեր ստա­ցած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը, հե­ռա­ձայ­նա­յին խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, մեծ քա­ջա­լե­րանք էին. երբ կը գիտ­նանք որ Հա­յաս­տա­նը մեր կող­քին է: Նաեւ նոյ­նիսկ «Հա­յաս­տան» Հիմ­նադ­րա­մը իր յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւ­նը դար­ձուց Լի­բա­նա­նին: Բայց Հայ­կա­զեա­նը այդ բո­լո­րին մէջ չէր ընդ­գր­կուած. մե­րը զատ պա­րա­գայ է որ նաեւ ու­նի թե­րեւս ա­ւե­լի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը այս իր տու­ժած վի­ճակ­նե­րուն մէջ իր ձե­ւե­րով լու­ծե­լու իր խն­դիր­նե­րը:

-Կա՞ն լի­բա­նա­նա­հա­յեր, ո­րոնք այս ա­ղե­տից հե­տո մտա­ծում են հայ­րե­նիք տե­ղա­փոխ­վե­լու մա­սին:

-Վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րու ծանր տն­տե­սա­կան կա­ցու­թեան մէջ մեծ թի­ւով ըն­տա­նիք­ներ առ­նուազն սկ­սան մտա­ծել թէ ի­րենք պէտք է տե­ղա­փո­խուին: Թէ ուր տե­ղա­փո­խուին՝ բնա­կան է որ ի­րենց հա­մար եւ մեր ալ քա­ջա­լե­րան­քը ե­ղաւ որ Հա­յաս­տան ուղ­ղուին: Բո­լո­րին հա­մար ա­տի­կա նոյն­քան կա­րե­լի չէ, նոյն­քան գրա­ւիչ չէ: Կր­նան նաեւ ու­րիշ եր­կիր­նե­րու մա­սին մտա­ծել, բայց հայ­րե­նի­քը ըլ­լա­լով հայ­րե­նիք՝ ե­ղաւ այն գրա­ւիչ հո­ղը, գրա­ւիչ հաս­ցէն, նաեւ երկ­քա­ղա­քա­ցիու­թեան դիւ­րու­թիւ­նը, լե­զուի դիւ­րու­թիւ­նը, հո­գե­կան մօ­տի­կու­թիւ­նը, ուր նաեւ ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ ո­րոշ ըն­տա­նիք­ներ կը մտադ­րէին ար­տա­գաղ­թել: Եւ հայ­րե­նի­քը ա­ռա­ջին հաս­ցէն կամ ա­ռա­ջին հաս­ցէ­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ բո­լո­րին: Օ­գոս­տոս 4-ի պայ­թու­մէն ետք, ես պի­տի ը­սեմ կրկ­նա­պատ­կուե­ցաւ այդ մտայ­նու­թիւ­նը եւ ժո­ղո­վուր­դը դար­ձաւ ան­համ­բեր եւ ան­կա­րող դի­մա­նա­լու այս ա­հա­ւոր ճն­շում­նե­րուն. ե՛ւ ֆի­զի­քա­կան, ե՛ւ տն­տե­սա­կան, ե՛ւ ա­պա­հո­վա­կան, ե՛ւ այլ տե­սա­կի... Գի­տէք՝ ա­ղէ­տի ժա­մա­նակ մարդ չի տես­ներ յոյ­սի նշոյլ եւ կը նա­յի դէ­պի դուրս: Հայ­րե­նի­քը ա­ռա­ջին հաս­ցէն է եւ պի­տի մնայ ա­ռա­ջին հաս­ցէն: Թէ որ­քա­նով կը բա­ւա­րա­րուին պէտ­քե­րը լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան հոն՝ ա­տի­կա ու­րիշ նիւթ է, որ­քա­նով մնա­յուն հաս­տա­տուե­լու հա­մար կը մտա­ծեն լի­բա­նա­նա­հա­յե­րը Հա­յաս­տա­նի կամ Ար­ցա­խի մա­սին՝ ու­րիշ նիւթ է, բայց գո­նէ մենք Աս­տու­ծոյ փառք կու տանք, որ հայ­րե­նի­քը կը մնայ հայ­րե­նիք եւ մեր մնա­յուն հաս­ցէն:

Զրույ­ցը վա­րեց

Կա­րի­նե ՌԱ­ՖԱ­ՅԵ­ԼՅԱ­ՆԸ

Դիտվել է՝ 52508

Հեղինակի նյութեր

Մեկնաբանություններ